Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան Մոսկուա կատարելիք այցելութեան ընթացքին կը յուսայ ամրապնդել ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը Ռուսիոյ եւ կազ արտահանող երկիրներու համաժողովի անդամ պետութիւններուն հետ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպանատունը։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար այս ձեռնարկին աշխոյժ եւ նպատակաուղղուած մասնակցութիւնը կրնայ նպաստել ուժանիւթային դիւանագիտութեան ամրապնդման, արհեստագիտական եւ տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ կազի համաշխարհային շուկային մէջ ազգային շահերու պաշտպանութեան», նշած են դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն՝ մեկնաբանելով նախագահին այցելութեան ծրագիրը։