image

Զելենսքին եւ Ռուպիոն քննարկած են պալիսթեան հրթիռներու դէմ պաշտպանութեան եւ Starlink-ի հարցերը

Զելենսքին եւ Ռուպիոն քննարկած են պալիսթեան հրթիռներու դէմ պաշտպանութեան եւ Starlink-ի հարցերը

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Անոնք քննարկած են պալիսթիք հրթիռներ որսալու միջոցներու, Ռուսիոյ հրթիռային յարձակումներու մասին վաղ նախազգուշացման եւ Starlink/Starshield համակարգերու աշխատանքը վերականգնելու հարցերը։

«Զրուցեցի Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Անդրադարձանք ռուսական պալիսթիք հրթիռային յարձակումներու մասին նախազգուշացնող համակարգերու, ինչպէս նաեւ Starlink/Starshield-ի հետ կապուած իրավիճակին, որ պէտք է վերականգնուի», ըսած է Զելենսքի։

Զելենսքի նշած է, որ քննարկումը տեղի ունեցած է պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ դիւանագիտական ճիգերու եւ մարդոց սպանութիւնները կանխելու անհրաժեշտութեան շրջածիրէն ներս։

Անոր համաձայն՝ կողմերը պայմանաւորուած են մօտ ապագային դարձեալ կապ հաստատել՝ կացութեան վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններ փոխանակելու համար։

Ուքրանիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուպիոյին՝ կառուցողական զրոյցին համար։