«Երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումը, քաղաքական համաձայնութիւններէն բացի, կը պահանջէ վստահութեան ամրապնդում եւ հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներու լուծում»։ Այս մասին Հոկտեմբեր 7-ին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Պաքուի երկխօսութեան շրջածիրէն ներս կայացուած IV միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձին մէջ։
Ատրպէյճանի նախագահը մարդասիրական հարցերու լուծումը Ատրպէյճան-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին անբաժան մասը նկատած է՝ նշելով «անհետ կորսուածներու ընտանիքներուն առջեւ բարոյական պատասխանատուութեան մասին»։
«Անհետ կորսուած անձերու որոնման արդիւնաւէտութիւնը ուղղակիօրէն կախուած է ճշգրիտ տեղեկութիւններու ստացումէն։ Հայաստանը պէտք է տրամադրէ անհետ կորսուած ատրպէյճանցիներու ճակատագրին, զանգուածային եւ անհատական թաղման վայրերուն վերաբերող ամբողջ տեղեկութիւնը, պայմաններ ստեղծէ արխիւներու բացման եւ վկաներու ցուցմունքներու հաւաքագրման համար», յայտարարած է Ալիեւ։
Ալիեւի համոզմամբ՝ «մարդկային ճակատագիրներուն վերաբերող տեղեկութիւնը պէտք չէ ենթարկուի քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու»։
Ատրպէյճանի նախագահի պնդմամբ՝ խօսքը 4010 ատրպէյճանցի անհետ կորսուածներու մասին է, որոնց թիւը կը հաշուուի Ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն ի վեր։