image

Ուքրանիա-Ռուսիա գերիներու փոխանակում

Ուքրանիա-Ռուսիա գերիներու փոխանակում

Մոսկուան եւ Քիեւը փոխանակած են ռազմագերիներ. երկու կողմէն տուն վերադարձած է 50-ական մարդ:

Ինչպէս կը գրէ currenttime.tv-ն, ուքրանական կողմէն այս տեղեկութիւնը հաստատած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմակը, ռուսական կողմէն՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ղեկավար Տենիս Պուշիլինը։

Երմակը յայտնած է, որ Ուքրանիա հայրենիք վերադարձուցած է 20 ազգային պահակ, Ուքրանիոյ զինուած ուժերու տասը զինծառայող, 12 ծովային հետեւակային, վեց սահմանապահ եւ տարածքային պաշտպանութեան ուժերու երկու մարտիկ։

Երկու օր առաջ Ուքրանիան եւ Ռուսիան կրկին գերիներու փոխանակում կատարած էին։ Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը յայտնած էր, որ Ուքրանիա վերադարձած է 36 մարդ՝ մէկ քաղաքացիական եւ 35 զինուորական։ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր 35 ռուս զինծառայողներու վերադարձի մասին։