image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի վերաքննիչ դատարանն անփոփոխ թողած է հայ գերիներու դատավճիռները

Պաքուի վերաքննիչ դատարանն անփոփոխ թողած է հայ գերիներու դատավճիռները

Պաքուի վերաքննիչ դատարանն անփոփոխ թողած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ ապօրինի կերպով Պաքուի մէջ պահուող միւս հայերու վերաբերեալ փետրուար 5-ին կայացուած դատավճիռները։

Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը՝ նշելով, որ Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ այսօր շարունակուած է Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած հայերու բողոքներու քննութիւնը։

Ատրպէյճանական կողմը անոնց կը մեղադրէ շարք մը ծանր յօդուածներով, այդ շարքին՝ խաղաղութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու, պատերազմական յանցագործութիւններու, ահաբեկչութեան, իշխանութեան բռնի զաւթման եւ այլ մեղադրանքներով։