ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շուտով պիտի ստորագրեն իրենց միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ պիտի կատարեն այդ համաձայնագրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ղեկավարը այս մասին յայտարարած է Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսի ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ որքանո՞վ ամուր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը, երբ Ատրպէյճան կը մերժէ վերադարձնել հայ գերիները։
«Ես խաղաղութեան համաձայնագիրին մեծապէս կ՚աջակցիմ։ Յոյս ունիմ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ արձանագրուած բոլոր կէտերը պիտի իրականացուին։ Կը ցաւիմ գերիներուն վերաբերող եւ միւս խնդիրներուն համար։ Յոյս ունիմ, որ բոլոր հարցերը արագօրէն պիտի լուծուին», ըսած է Անթոնիօ Կութերեշ։
Ատրպէյճանի մէջ տակաւին ապօրինաբար կը պահուին 19 հայ գերիներ, որոնց շարքին են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։ Անոնց նկատմամբ շինծու մեղադրանքներով ազատազրկման դատավճիռներ արձակուած են։