Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի կազմէն ներս ընդգրկելու Ուաշինկթընի փորձերը խելամիտ չեն, կը կարծէ ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղար՝ Հենրի Քիսինճըր։
«Կը կարծեմ ամերիկեան խելամիտ քաղաքականութիւն չէ՝ փորձել ընդգրկել Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի կազմէն ներս»,- ըսած է Քիսինճըր Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի առցանց միջոցառման ժամանակ։
Յիշեցնենք, որ 1 հոկտեմբերին Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսկին յայտարարած էր, որ Ուքրանիան արագացուած կարգով ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու յայտ կը ներկայացնէ: