Օգոստոս 10-ին, Ուաշինկթընեան խաղաղութեան գագաթնաժողովի մեկամեակի կապակցութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Կոստանեանի, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամատովի եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ալիսըն Հուքըրի հանդիպումը: Այս մասին յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Վահան Կոստանեանը բարձր գնահատած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական ներդրումը ինչպէս նախորդ տարի տեղի ունեցած գագաթնաժողովի կայացման, այնպէս ալ ընթացիկ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատութենականացման պարունակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են արդէն իսկ արձանագրուած դրական զարգացումներու, տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքային ծրագիրերու եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու վերաբերեալ:
Ընդգծուած է առկայ մարդասիրական խնդիրները հասցեագրելու կարեւորութիւնը: