Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ կնքուած «Մեքքայի համաձայնագիր»ը ցոյց կու տայ, որ տարածաշրջանի երկիրները հիասթափուած են Միացեալ Նահանգներէն եւ անվտանգութեան հարցերով որոշած են ապաւինել սեփական ուժերուն։
Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։
Անոր խօսքով՝ Թեհրանը մտահոգուելու որեւէ հիմք չունի, քանի որ այս երեք երկիրներու հետ Իրանն ունի խոր կրօնական, պատմական եւ մշակութային կապեր, եւ համաձայնագիրի նպատակը Իրանի դէմ ուղղուած չէ։
Պաղային ընդգծած է, որ օգոստոս 7-ին ստորագրուած պաշտպանական այս նոր եռակողմ պայմանագիրը կ՚ապացուցէ՝ տարածաշրջանի պետութիւնները եկած են այն եզրակացութեան, որ անվտանգութեան հարցով անհնար է յոյս դնել ԱՄՆ-ի տուած խոստումներուն վրայ։