image

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով Սրբոց Թարգմանչաց տօնը յիշատակուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով Սրբոց Թարգմանչաց տօնը յիշատակուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ

Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու տօնին առիթով, օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի։

Օրուան պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտած է հայոց գիրերու գիւտով եւ թարգմանչաց շարժումով ժառանգուած ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան պահպանման եւ հաւատքը գործով արտայայտելու կարեւորութիւնը՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ ծառայելու ազգին ու հայրենիքին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներուն տօնը մեր ինքնութիւնը պահպանող հայոց գիրերու գիւտին եւ թարգմանչաց շարժումին տօնն է։ 

Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի, ներկայութեամբ՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ներկայացուցիչներու, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ անդամներու, նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան։ Եկեղեցւոյ Դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի, Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց։

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածը (Մր 12.35-44), ուր Քրիստոս ցոյց կու տայ փարիսեցիներուն եւ օրէնքի ուսուցիչներուն տգիտութիւնը, կը բացայայտէ Իր աստուածութիւնը եւ այրի կնոջ երկու լումային օրինակը կը բերէ՝ ցոյց տալու, թէ կարեւոր չէ թէ ինչքան կու տանք, կարեւորը ամբողջ սրտով տալն է։ Ան նշեց, որ «երկու» թիւը կ՚արտայայտէ այրի կնոջ կատարեալ սէրը՝ Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ։

Սրբազան Հայրը պարզաբանելով հատուածը յայտնեց, որ յիշուած երկու տէրերէն առաջինը Հայր Աստուածն է, իսկ երկրորդը՝ Քրիստոսը, որ մարդկութեան սիրոյն խոնարհեցաւ իր աստուածային փառքէն, մարդկային տկար բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ մեզ Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդ դարձուց։ Աստուած, իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով՝ իր անսահման սէրը կը յայտնէ ժողովուրդին նկատմամբ, ուստի, անհրաժեշտ է, որ մենք ալ հնազանդինք իր կամքին եւ գործադրենք իր պատուիրանները։

 Հատուածին մէջ նաեւ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ զգոյշ ըլլալու օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք հաւատացեալ կը կարծուին, սակայն ծածկաբար այրիներուն տուները կը յափշտակեն։ Այլ խօսքով, որպէս ճշմարիտ հաւատացեալներ անհրաժեշտ է հեռու մնալ հպարտութենէ, կեղծաւորութենէ եւ եսասիրութենէ, որոնց պատճառով կը հեռանանք Աստուծմէ եւ կը կործանինք։

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ժողովուրդի զաւակները վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ միայն անցեալով չհպարտանալու, այլ որպէս անոնց ժառանգորդները՝ ներկայ պայմաններուն մէջ հաւատքը գործի դնելու յանուն ազգի եւ հայրենիքի։ Աւելին, աղօթքի նուիրուելու եւ զոհողութիւններ յանձն առնելու, որպէսզի Աստուած իր օրհնութիւններն ու բարիքները առատօրէն շնորհէ։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու անուններ կրող հայորդիները, յատկապէս շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանը՝ իր անուանակոչութեան տօնին առիթով, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բարի ծառայութիւն։

Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ննջեցեալ հիմնադիրներուն եւ կրթական մշակներուն, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հին եւ նոր ննջեցեալներուն եւ ներկաներու ննջեցեալ հարազատներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Աւարտին, ներկաները միասնաբար «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին։