Վիգէնի հոգեկան վիճակն ալ կը ծանրանայ այն պատճառով, որ ինք չի կրնար աշխատիլ եւ ապահովել ընտանիքի նուազագոյն կարիքները։
«Կը դիմեմ բոլորին եւ կը յայտնեմ, որ Վիգէնը աջակցութեան կարիք ունի։ Այն համախմբումը, որ եղած էր այդ հինգ տարիներուն, պէտք է կրկնուի, որպէսզի ան կարենայ ոտքի կանգնիլ»,– ընդգծած է Լինտա Էօլճեքեան։
Լիբանանահայ Վիգէն Էօլճեքեան, որ գերութենէն ազատ արձակուեցաւ 14 Յունուար 2026-ին, կը շարունակէ գտնուիլ ծանր առողջական վիճակի մը մէջ։ Անոր կինը՝ Լինտա Էօլճեքեան, պատմած է, որ Վիգէնը ունի սրտի լուրջ խնդիրներ, գրեթէ չի կրնար քալել եւ մշտապէս կը զգայ ուժեղ թուլութիւն։ Անոր լսողութիւնն ալ կը շարունակէ վատթարանալ։
Գերութենէն վերադարձէն ետք Վիգէն սկսած է բուժում ստանալ, սակայն անոր վիճակը կը պահանջէ մշտական հսկողութիւն եւ շարունակական խնամք։ Ան նաեւ պէտք է ենթարկուի վիրահատութեան, որ մինչեւ այսօր չէ իրականացուած։
«Արդէն գրեթէ երեք ամիս անցած է անոր վերադարձէն, սակայն վիրահատութիւնը տակաւին չէ կատարուած։ Վիգէնը ամբողջովին կախեալ է պետական աջակցութենէն, եւ շտապ անհրաժեշտ է աւելի մեծ օգնութիւն, որպէսզի ապահովուի ժամանակին բուժօգնութիւնը»,– ըսած է Լինտա Էօլճեքեան։
Ընտանիքը դիմած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ համապատասխան պետական մարմիններուն՝ խնդրելով առանց ուշացման ապահովել անհրաժեշտ բուժօգնութիւնը, ներառեալ հիւանդանոց մնալը, բուժումն ու վիրահատութիւնը։
Լինտայի խօսքով՝ մինչեւ այժմ կառավարութիւնը որեւէ ֆինանսական կամ բնակարանային աջակցութիւն չէ տրամադրած՝ բացառութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հիւանդանոցային ծախսերու փոխհատուցման։
«Մենք պարզապէս կը գոյատեւենք։ Վարձով բնակարանի մէջ կ՚ապրինք, վարձքը կը վճարեն ընկերները, իսկ ուրիշներ երբ կրնան՝ սնունդ կը բերեն։ Ամուսինս չի կրնար աշխատիլ, իսկ ես Լիբանան եմ՝ մայրիկիս վիրահատութեան պատճառով, ապա պիտի վերադառնամ Հայաստան։ Բացի ընկերներէն, ուրիշ ոչ ոք մեզ կ՚օգնէ․ անոնց շնորհիւ է, որ կը դիմանանք»,– աւելցուցած է ան։
Վիգէնի հոգեկան վիճակն ալ կը ծանրանայ այն պատճառով, որ ինք չի կրնար աշխատիլ եւ ապահովել ընտանիքի նուազագոյն կարիքները։
«Կը դիմեմ բոլորին եւ կը յայտնեմ, որ Վիգէնը աջակցութեան կարիք ունի։ Այն համախմբումը, որ եղած էր այդ հինգ տարիներուն, պէտք է կրկնուի, որպէսզի ան կարենայ ոտքի կանգնիլ»,– ընդգծած է Լինտա Էօլճեքեան։
Յիշեցնենք, որ Վիգէն Էօլճեքեան գերեվարուած էր 11 Նոյեմբեր 2020 -ին։ Գերութեան ընթացքին ան բազմիցս ահազանգած էր իր առողջական վիճակին մասին, անգամ հացադուլի դիմած էր։ Վերջապէս, 14 Յունուար 2026-ին Վիգէնը, ինչպէս նաեւ Գէորգ Սուջեան, Դաւիթ Դաւթեան եւ Վաքիֆ Խաչատրեան, Հակարիի կամուրջով յանձնուած էին Հայաստանին։
Նիւթը՝ 24news.am