Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նախագահած է Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդի նիստը, որուն արդիւնքով որոշուած է աջակցիլ Սէուտական Արաբիոյ՝ Եմէնի հուսիներուն դէմ պայքարին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Եգիպտոսի նախագահական գրասենեակը։
Նախագահութեան պաշտօնական խօսնակը յայտարարած է, որ Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդը քննարկած է տարածաշրջանային զարգացումներն ու տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող վտանգաւոր սրացումները, մասնաւորաբար՝ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան դէմ անընդունելի յարձակումները։
Նիստի ընթացքին խորհուրդը որոշած է անվերապահ աջակցութիւն եւ լիակատար համերաշխութիւն յայտնել Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան՝ հիմնուելով երկու եղբայրական երկիրներու ժողովուրդները միաւորող պատմական յարաբերութիւններուն եւ ամուր կապերուն վրայ։ Բացի այդ, որոշուած է Սէուտական Արաբիոյ տրամադրել անհրաժեշտ եւ հնարաւոր աջակցութիւն՝ անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ բնական պաշարները, տարածքային ամբողջականութիւնն ու իսլամական սրբավայրերը պահպանելու համար։
Եգիպտոս նաեւ որոշած է շարունակել եւ աշխուժացնել քաղաքական ու դիւանագիտական ջանքերը՝ համապատասխան տարածաշրջանային եւ միջազգային կողմերուն հետ համակարգելով աշխատանքները, նպաստելու համար ամբողջ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման եւ առկայ ճգնաժամերու խաղաղ կարգաւորման։
Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Պատըր Ապտ ալ-Աթթին X-ի իր գրառման մէջ յայտնած է, որ սէուտցի իր գործընկերոջ՝ իշխան Ֆէյսալ պըն Ֆարհանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած է տարածաշրջանային զարգացումներն ու լարուածութիւնը մեղմելու կարեւորութիւնը։
Նախարարը հեռախօսազրոյց ունեցած է նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի հետ։ Անոնք քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումները՝ ընդգծելով «լարուածութեան մեղմացման, բանակցութիւններու եւ Պարսից ծոցի անվտանգութեան նկատմամբ յարգանքի կարեւորութիւնը»։
Հուսիներու եւ Եմէնի կառավարական ուժերու միջեւ բախումները կը շարունակուին։ Հուսիները յայտնած են, որ կառավարական ուժերու հարուածներուն հետեւանքով արձանագրուած է 30 զոհ եւ վիրաւոր։ Շարժումն իր կարգին հարուածած է Սէուտական Արաբիան, որ կ՚աջակցի Եմէնի միջազգայնօրէն ճանչցուած կառավարութեան։ Թագաւորութիւնը յայտնած է վեց վիրաւորներու մասին։