image

Վիեննայի բանակցութիւնները ժամավաճառութեան չվերածել. Խաթիպզատէ

Վիեննայի բանակցութիւնները ժամավաճառութեան չվերածել. Խաթիպզատէ

«Վիեննայի բանակցութիւնները պէտք չէ վերածուին ժամանակի կամ ներուժի մսխման», յայտնած է Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէն։

«Մենք չենք շտապեր եւ յոյս ունինք, որ շատ շուտով բոլորն ալ ի վիճակի պիտի ըլլան տեսնելու, որ մեր բանակցային խմբակը Վիեննայի մէջ կը գտնուի լաւ համաձայնագիր կնքելու նպատակով», նշած է Խաթիպզատէն։

Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարին խօսքով՝ իսլամական հանրապետության պատուիրակութիւնը Վիեննայի բանակցութիւններու մասնակիցներուն երկու պայմանագրերու նախագիծեր ներկայացուցած է։

«Մէկը կը վերաբերի պատժամիջոցներու վերացման, միւսը՝ այն քայլերուն, որոնց կրնայ դիմել Իրանը՝ պատժամիջոցներու վերացման ի պատասխան։ Քայլ առ քայլ պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերումը կամ ժամանակաւոր համաձայնագրերու կնքումը բացառուած է», նշած է Խաթիպզատէն։