image

Վերջին հրաժեշտ դեսպան Չիտեչեանին

Վերջին հրաժեշտ դեսպան Չիտեչեանին

Օրերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Ֆրանսայի մէջ ՀՀ երբեմնի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր  Յառաջ»էն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք.

Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի հովանաւորութեամբ, Երկուշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2021-ին, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք եւ հոգեւոր արարողութիւն, ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի: 

Արարողութեան նախագահեց թեմակալ առաջնորդը: Ներկայ էին դեսպան տիկին Տոլմաճեանը եւ դեսպանութեան անձնակազմը, կաթողիկէ առաջնորդ արհիապատիւ Եղիա Եպս. Եղիայեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ պատուելի Ժիլպեր Լեւոնեան եւ հայ համայնքային կազմակերպութեանց ղեկավարներ:

Դեսպան Չիտեչեանի կենսագրականի ընթերցումէն ետք, խօսք առին Վահան սրբազանը եւ Հայաստանի դեսպանը, յաւուր պատշաճի դրուատելով հանգուցեալին պետական երկարամեայ ծառայութիւնը եւ հայրենանուէր գործունէութիւնը:

Հուսկ, արարողութեան մասնակիցները ընդունուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ: