image

Վերամուտի խոհեր

Վերամուտի խոհեր

Սեպտեմբեր մէկը Հայաստանի մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր է, որ կրթական աշխարհէն ներս կը յայտարարէ նոր ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը, կը նշէ վերամուտը՝ վերադարձ դէպի դպրոցական եւ ուսանողական սեղաններ, վերադարձ դէպի գիրք, ուսում եւ գիտութիւն, միաժամանակ՝ մուտք դէպի կրթութեան ու դաստիարակութեան այն աշխարհը, ուր կը ձեւաւորուի մարդը, կը կերտուի անոր միտքը, նկարագիրը եւ ապագայի տեսլականը։

Վերամուտը, հետեւաբար, պարզապէս դպրոցներու եւ համալսարաններու դռներու վերաբացուիլը չէ։ Ան նոր ճանապարհի մը սկիզբն է։ 

Ամէն նոր ուսումնական տարի իր հետ կը բերէ նո՛ր ակնկալութիւններ, նոր նպատակներ եւ նոր պատասխանատուութիւններ, որոնք կը վերաբերին ո՛չ միայն աշակերտին ու ուսանողին, այլ՝ առաջին հերթին զանոնք կրթողներուն, որովհետեւ դասարան մտնող իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր առջեւ ունի ո՛չ միայն տետրակ մը, դասագիրք մը կամ ուսումնական ծրագիր մը, այլ՝ մարդկային կեանքեր, որոնք իր խօսքով, վերաբերմունքով եւ օրինակով կրնան ձեւաւորուիլ։

Օրերս կը կարդայի Մեսրոպ եպիսկոպոս Նարոյեանի՝ յետագային Պոլսոյ Պատրիարքի, հետեւեալ տողերը. «Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը երկու հոմանիշ բառեր չեն, ո՛չ ալ երկու ներհակ ուժեր իրենց գործառնութեանց մէջ, այլ անոնք իրենց առանձին պաշտօններն ունին միեւնոյն գետնի վրայ: Դաստիարակութիւնը բարոյական մարդը կը բովանդակէ եւ նկարագիրը կը շինէ, կրթութիւնը ծանօթութիւններ կու տայ եւ միտքը կը բեղմնաւորէ: Առաջինը կենսական է եւ անհրաժեշտ, ամէն անհատի համար առհասարակ, վասնզի կեանքի խարիսխը կը կազմէ, երկրորդը կարեւոր է եւ օգտակար, մեր նիւթական բարօրութեանը համար»։

Այս միտքը այսօր ալ իր ամբողջ թարմութեամբ կը կանգնի մեր առջեւ։ Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը թէեւ սերտօրէն կապուած են իրարու, սակայն նոյն բանը չեն։ Անոնք երկու տարբեր, բայց զիրար լրացնող իրականութիւններ են։ Կրթութիւնը մարդուն գիտելիք կը փոխանցէ, կը զարգացնէ անոր միտքը, կ՚ընդարձակէ անոր մտահորիզոնը, կը ծանօթացնէ զայն գիտութեան, արուեստին, պատմութեան ու աշխարհի բազմազան երեւոյթներուն։ Իսկ դաստիարակութիւնը այդ գիտելիքը կեանքի վերածելու կարողութիւնը կու տայ՝ մարդուն մէջ ձեւաւորելով պատասխանատուութիւն, խիղճ, արժանապատուութիւն, նկարագիր, արդարութեան զգացում, բարութիւն, մարդասիրութիւն եւ Աստուածսիրութիւն։

Մարդ կրնայ շատ բան գիտնալ, բայց չի գիտնար՝ ինչպէ՛ս ապրիլ։ Կարելի է ան բարձր կրթութիւն ստացած ըլլայ, բազմաթիւ գիրքեր կարդացած, գիտական մեծ պաշար ամբարած ըլլայ, սակայն, միաժամանակ, զուրկ ըլլայ մարդկային պարզ առաքինութիւններէ։ Այդ պարագային կրթութիւնը իր ամբողջական նպատակին չէ հասած։ Գիտելիքը, երբ զուգորդուած չէ բարոյական նկարագիրով, կրնայ մնալ միայն միտքի մէջ ամբարուած տեղեկութիւն։ Իսկ դաստիարակութիւնն է, որ գիտելիքին ուղղութիւն կու տայ եւ մարդուն կը սորվեցնէ զայն գործածել ո՛չ միայն իր անձնական շահին, այլ՝ ուրիշներուն եւ հասարակութեան բարօրութեան համար։

Դաստիարակութիւնը, արդարեւ, մարդը կը շինէ, իսկ կրթութիւնը կը նպաստէ այդ շինութեան՝ տրամադրելով շինարարական պիտոյքները։ Դաստիարակութիւնը ճարտարապետական հիմքն է, իսկ կրթութիւնը՝ այդ հիմքը ամուր կերպով բարձրացնելու կարեւորագոյն կռուաններէն մին։ Շինութիւնը կրնայ գեղեցիկ ըլլալ արտաքին երեւոյթով, բայց երբ չունի ամուր հիմք՝ խախուտ կ՚ըլլայ եւ դիւրութեամբ փուլ կու գայ։ Նոյնպէս, եթէ կրթութիւնը զուրկ ըլլայ դաստիարակութեան հիմքէն, մարդը կրնայ գիտուն ըլլալ, բայց ոչ անպայման՝ իմաստուն, կրնայ շատ բան գիտնալ, բայց ոչ անպայման՝ ճիշդ գործել։

Այս իմաստով՝ դպրոցը միայն գիտելիք փոխանցելու վայր մը չէ։ Դպրոցը կեանքի պատրաստութեան առաջին մեծ օճախն է։ Դասարանը միայն դասագիրքի մը էջերը սերտելու տարածք մը չէ, այլ՝ այն միջավայրը, ուր երեխան կը սորվի լսել, յարգել, համագործակցիլ, պատասխանատուութիւն ստանձնել, իր սխալը ընդունիլ, ուրիշին յաջողութիւնը գնահատել եւ դժուարութեան դիմաց չյուսահատիլ։ Այդ բոլորը կրթութեան հետ միասին դաստիարակութեան մաս կը կազմեն։

Եւ հոս է ուսուցիչին մեծագոյն առաքելութիւնը։

Ուսուցիչը միայն դասագիրքին բովանդակութիւնը աշակերտին փոխանցող անձը չէ։ Անոր խօսքը, վարքը, արդարամտութիւնը, համբերութիւնը եւ նոյնիսկ աշակերտներուն հանդէպ վերաբերմունքը դասագիրքէն դուրս դասեր են, որոնք երբեմն շատ աւելի երկար կը մնան աշակերտին յիշողութեան մէջ։ Երեխան կրնայ մոռնալ, թէ ուսուցիչը ո՛ր օրը ի՛նչ դաս բացատրեց, բայց երկար տարիներ ետք կրնայ յիշել այն ուսուցիչը, որ իր նկատմամբ հաւատք ունէր, որ զինք քաջալերած էր՝ երբ ինք իր ուժերուն չէր վստահեր, կամ կը յիշէ, թէ ան սորվեցուցած է իրեն, որ յաջողութիւնը միայն առաջին ըլլալը չէ, այլ՝ լաւ մարդ ըլլալը։

Արդարեւ, ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, որ մեր ուսուցիչները եւս այս մտածումներով առաջնորդուին այս եւ յաջորդող ուսումնական տարեշրջաններուն։ Անոնք պէտք է գիտակցին, որ իրենց վստահուած սերունդներուն առջեւ ունին շատ աւելի մեծ պարտականութիւն մը, քան պարզապէս ծանօթութիւններ փոխանցելը։ Անոնք կոչուած են իրենց վստահուած աշակերտներն ու ուսանողները կեանքի պատրաստող մշակներ ըլլալու։ Մշակներ, որոնք իրենց աշխատանքով ո՛չ միայն գիտելիքի սերմերը կը ցանեն, այլ՝ նկարագիրի, բարոյականութեան, պատասխանատուութեան եւ մարդկային արժանիքներու սերմերը։

Մեր օրերուն այս խնդիրը աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ։ Երիտասարդ սերունդը այսօր անսահման տեղեկութիւններու հասանելիութիւն ունի։ Համացանցը, ընկերային ցանցերը եւ ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցները անոր առջեւ կը բանան գիտելիքի հսկայական աշխարհ մը։ Սակայն, տեղեկութեան առատութիւնը ինքնին կրթութիւն

 

Վարանդ Քորթմոսեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ Քորթմոսեան

Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեան։ Ծնած է Սուրիա, Քես...