image
Հրատապ լուրեր:

Վերամուտի զանգակը հնչեց Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի մէջ

Վերամուտի զանգակը հնչեց Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի մէջ

Պոլսոյ Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանին մէջ օրերս մեկնարկած է 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանը։ Վերամուտի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Գերպծ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ իր խօսքով աշակերտներն ու ուսուցիչները քաջալերեց նոր տարեշրջանը դիմաւորելու նոր եռանդով եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Հանդէսի աւարտին ան հնչեցուց ուսումնական տարեշրջանի առաջին զանգակը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

14 Սեպտեմբեր 2026, Երկուշաբթի առաւօտ Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանի մէջ հնչեց դպրոցական առաջին զանգը, համախմբելով մեծ թիւով աշակերտներ, որոնք ամառուան արձակուրդին արդէն չափազանց կարօտցեր էին իրենց երկրորդ տունը՝ սիրելի վարժարանը։

Վերամուտի առթիւ առաւօտուն վարժարանին պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը։ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Գերպծ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան իր ներկայութեամբ պատուեց հանդիսութիւնը։ Որպէս տանտէր ներկայ էին Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի Վանատան Հայրեր՝ Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Ռաֆայէլ Ժոզէֆ Ալիքի գլխաւորութեամբ վարժարանի Մատակարար Մարմնի անդամներ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտ. Սարգիս Սիրոբ, տնօրէնուհիներ Եւա Օրագեան ու Գաթիա Վարկը եւ ուսուցչաց կազմը։ Իսկ ծնողներ փութացած էին բաժնելու իրենց հոգեհատորներուն ուրախութիւնն ու յուզումը։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ Ը. դասարանի աշակերտներէն Քայլա Հըտըրօղլուի եւ Արտէն Կիւլիւքի հանդիսավարութեամբ։ Նախ ամպիոն բարձրացաւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտ. Սարգիս Սիրոբ, որ խօսեցաւ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած նորութիւններուն մասին եւ բոլորին մաղթեց յաջող տարեշրջան մը։ Չորրորդ դասարանի աշակերտներէն Մարէն Սէօզէն արտայայտեց այս իմաստալից օրուան առթիւ իր զգացումները։ Իսկ երկրորդ դասարանի աշակերտներէն Արարատ Եասթանկաչքօլ հանդէս եկաւ վերամուտի առթիւ ոտանաւորով մը։

Յետոյ բարձրախօսը յանձնուեցաւ լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի, որ աշակերտներուն ըրաւ քանի մը կարեւոր թելադրութիւններ։ «Մեզի համար բուն յաջողութիւնը ձեր սորվածները կեանքի մէջ կիրարկելու, ձեր ձեռքինները ուրիշներու հետ բաժնելու, կարիքաւորներու ձեռք երկարելու եւ ամէն պարագայի ձեր խղճմտանքը, ձեր պարկեշտութիւնն ու ձեր մարդկութիւնը պահպանելու մէջ կը կայանայ։ Որովհետեւ գիտելիքը իմաստ կը ստանայ միայն այն ատեն, երբ կը միանայ սիրոյ ու խղճի հետ», ըսաւ տնօրէնուհին։ 2025ի ընթացաւարտներու անունով խօսք առին Միրա Պարսամօղլու եւ Լարա Օքթայ, որոնք ունեցան ինքնաբուխ ելոյթներ։

Ապա իր սրտի խօսքը ընելու հրաւիրուեցաւ Արհի. Գերպծ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ նախ խօսք ուղղելով աշակերտներուն անոնց յիշեցուց թէ ամէն նոր ուսումնական տարի նոր երազի մը, բացայայտուելու սպասող նոր տաղանդի մը դուռն է։ Յետոյ խօսքը ուղղեց ուսուցիչներուն, անոնց ալ յիշեցնելով թէ անոնք են այս սուրբ աւանդին ճարտարապետները։ «Ձեր զոհողութիւնը, համբերութիւնը եւ սիրով սերմացած հատիկները պիտի ծաղկեցնեն մեր երկրին ու մարդկութեան վաղուան օրերը։ Գիտակցելով ձեր առաքելութեան վեհութեան ու սրբութեան՝ վստահ եմ որ պիտի դպչիք մեր զաւակներէն իւրաքանչիւրին սրտին» ըսաւ Վարդան Գերապայծառ։ Հանդէսի աւարտին Գերապայծառ Տէրը հնչեցուց 2026-2027 ուսման տարեշրջանի առաջին զանգակը եւ աշակերտները ուրախ-զուարթ բարձրացան իրենց դասարանները՝ լիցքաւորուած նոր եռանդով ու նոր խանդով։