Օրերս ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարք ամեն. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ին վերաբացումը կատարուած է Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Վլաս եկեղեցւոյ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հռոմէն։
Կը նշուի նաեւ, որ եկեղեցւոյ վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Վսեմ. Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս Վսեմ. Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիս, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի քարտուղար՝ Գերպ. Ճորճօ Տեմեթրիօ եպս. Կալլարօ, Ամերիկիոյ Միացեալ Նահանագներու եւ Գանատայի «Տիրամայր Նարեկի» Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հարաւային Ամերիկիոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Պօղոս Եպս. Հագիմեան, Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ՝ Գրշ. Խաժակ արք. Պարսամեան, վարժարանիս Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, Հռոմի Դրասդեւերէի Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյ. Մարգօ Ծ.Վ. Նիաւի, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի փոխ-քարտուղար՝ Գեր. Ֆլաւիօ Վրդ. Փաչէ, Հայ Կաթողիկէ, Լատին, եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու գերապատիւ հայրեր եւ բարեշնորհ սարկաւագներ, Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ քոյրերը, գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, վարժարանիս ժառանգաւորաց դասը, եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։