image

Վարչապետ Փաշինեանը պաշտօնական այցով ժամանած է Եգիպտոս

Վարչապետ Փաշինեանը պաշտօնական այցով ժամանած է Եգիպտոս

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն:

Գահիրէի միջազգային օդակայանին մէջ ՀՀ վարչապետը դիմաւորած է Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլը: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութեան հնչած են երկու երկիրներու օրհներգերը, այնուհետեւ վարչապետները ողջունած են պատուիրակութիւններու անդամները:

Վարչապետ Փաշինեան առանձնազրոյց ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ, այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով:

ՀՀ վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի, Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ  Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Սուրբ Մարկոսի աթոռի Թէոդորոս Բ. պատրիարքի, Ալ-Ազհարի ընդհանուր Իմամ, շէյխ Ահմետ Մուհամմետ Ալ-Թայիպի հետ:

Նիկոլ Փաշինեանը պիտի այցելէ Եգիպտոսի առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու ֆետերացիա, ուր պիտի կայանայ հանդիպում եգիպտացի գործարարներու հետ: