Վանօ Սիրադեղեան պիտի յուղարկաւորուի Հայաստանի մէջ: Այս մասին յայտարարած է անոր կինը՝ Ռուզան Տօնոյեանը:
Տօնոյեան որ խօսած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանին, մասնաւորապէս ըսած է.
«Շնորհակալութիւն եմ յայտնում ՀՀ կառավարութեանը` յանձին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Վանօ Սիրադեղեանի յուղարկաւորութեան կառավարական յանձնաժողով ստեղծելու եւ աճիւնը Հայաստան տեղափոխելու անկեղծ ջանքեր գործադրելու համար:
Շնորհակալ եմ բոլոր նրանց, ովքեր այս օրերին անկեղծ ցաւակցում եւ զօրակցում են մեզ:
Ուզում եմ տեղեկացնել, որ Վանօ Սիրադեղեանի «ծանր վերադարձը» Հայաստան կ'իրականացնեմ ես։ Խնդրում եմ զերծ մնալ աւելորդ մեկնաբանութիւններից եւ շահարկումներից»:
Լրատուամիջոցը Ռուզան Տօնոյեանէն հետաքրքրուած է՝ ինչո՞ւ որոշած է աճիւնը Հայաստան տեղափոխելու հարցով ինք զբաղիլ, այս կը նշանակէ, որ կառավարութենէն նեղսրտա՞ծ է։
Վանօ Սիրադեղեանի այրին միայն արձագանգած է. «Ոչ, կառավարութենէն նեղսրտած չեմ»։ Ան չէ յստակացուցած այս որոշման պատճառները: