image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ զոհուած Երուանդ Թադեւոսեանի ու Սամուէլ Թորոսեան պիտի յուղարկաւորուին՝ Եռաբլուրի մէջ

Արցախի մէջ զոհուած Երուանդ Թադեւոսեանի ու Սամուէլ Թորոսեան պիտի յուղարկաւորուին՝   Եռաբլուրի մէջ

28 Յունիսին ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած երկու զինծառայողներու՝ Երուանդ Թադեւոսեանի ու Սամուէլ Թորոսեանի մարմիններն այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ տեղափոխուած են ՀՀ՝ ծնողներու ցանկութեան համապատասխան Եռաբլուրի մէջ յուղարկաւորելու նպատակով:

Այս մասին, ի պատասխան լրատուամիջոցներու հարցումներուն, կը տեղեկացնէ Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը։

«Ադրբեջանը շարունակում է կեղծ պնդումները, որ զոհուած զինծառայողները ՀՀ ԶՈւ ներկայացուցիչներ են եղել՝ հող նախապատրաստելով նոր յարձակումների համար:

Արցախի ՄԻՊ հաստատութեան կողմից արդէն իսկ հաւաքագրուել են անհրաժեշտ փաստեր ու փաստաթղթեր, որոնք կը հրապարակուեն շուտով՝ եւս մէկ անգամ ապացուցելով ադրբեջանական պնդումների կեղծ եւ շինծու լինելը»,-գրած է Ստեփանեանը։