Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի վերայուղարկաւորուի Փարիզի Պանթէոնին մէջ, X-ի իր էջով տեղեկացուցած է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ Մալաք:
«80 տարի առաջ այս օրը, բանաստեղծ, Դիմադրութեան շարժման հերոս Միսաք Մանուշեան ձերբակալուեցաւ Էւրի կայարանը, ապա գնդակահարուեցաւ իր 22 զինակից եղբայրներուն հետ։ Ան պիտի ըլլայ առաջին օտարերկեայ եւ կոմունիստական (համայնավարական) դիմադրութեան մարտիկը, որ պիտի յուղարկաւորուի Պանթէոնի մէջ։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 21 փետրուար, 2024-ին»,- գրած է նախարարը։
Il y a 80 ans jour pour jour, le poète et héros de la résistance Missak Manouchian était arrêté à la gare d’Evry avant d’être fusillé avec 22 de ses frères d’armes. Il sera le 1er résistant étranger et communiste à entrer au Panthéon. La cérémonie aura lieu le 21 février 2024. pic.twitter.com/khatgbBKSN
— Rima Abdul Malak (@RimaAbdulMalak) November 16, 2023