18 մարտին, ժամը 15։46-ին Լոռիի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Վանաձոր քաղաքի Աղայեան փողոցը գտնուող փրփրափլասթի արտադրամասը հրդեհ բռնկած է։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն:
Դէպքի վայր մեկնած է ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ։
Յայտարարուած է հրդեհի բարդութեան «թիւ 2» կանչ։ Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան գործադիր խումբն ու հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն եւս երկու մարտական հաշուարկ։
Հրդեհը մէկուսացուած է ժամը 16։20-ին։