image

Վաղ է խօսիլ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու մասին. ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար

Վաղ է խօսիլ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու մասին. ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար

Պէտք չէ իրադարձութիւններէն առաջ անցնիլ Հայաստանի՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) դուրս գալու հարցով, քանի որ կայ երկրի ղեկավարութեան կարծիքը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի կարծիքը։ Այս մասին ըսած է ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Տաալաթբեկ Մասատիքովը։

Անդրադառնալով Նոյեմբերին նախատեսուած Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին եւ Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերեալ հնարաւոր որոշումներուն՝ Մասատիքով պարզաբանած է, որ քարտուղարութիւնը չի կրնար անդամ երկիրներու փոխարէն որոշումներ կայացնել։

«Մենք՝ որպէս քարտուղարութիւն, չենք կրնար որոշում կայացնել այս կամ այն կողմի փոխարէն, ուստի ամէն ինչ տակաւին առջեւն է։ Արդեօք այս հարցը լրջօրէն պիտի քննարկուի այս տարուան Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստին՝ նոյնպէս հարց է. այդ մէկը իրենք՝ պետութիւններու ղեկավարները, կ՚որոշեն։ Եկէ՛ք չշտապեցնենք իրադարձութիւնները»,– նշած է ան։

 

Օրեր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ եթէ կազմակերպութիւնը որոշէ Հայաստանը հեռացնել իր շարքերէն, այդ պիտի դիւրացնէ որոշումներու կայացման գործընթացը։ Վարչապետը նշած էր, որ Հայաստանը յառաջիկայ հինգ տարիներուն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ աշխատանքը աշխուժացնելու կամ կազմակերպութիւն վերադառնալու որեւէ ծրագիր չունի։