image

Տոնպասէն տարհանում պիտի ըլլայ

Տոնպասէն տարհանում պիտի ըլլայ

Ուքրանիոյ փոխվարչապետ՝ Իրինա Վերեշչուք յայտարարած է, որ երկրի իշխանութիւնները մտադիր են պարտադիր տարհանում իրականացնել Տոնպասի այն հատուածի բնակիչներուն նկատմամբ, որ կը վերահսկուի Քիեւի կողմէ։

Ան պարզաբանած է, որ այս տարածքներուն մէջ  կազամատակարարում եւ պատշաճ էլեկտրամատակարարում չկայ։ «Քաղաքացիական պաշտպանութեան օրէնսգրքի 33-րդ յօդուածը կը սահմանէ այդ պայմաններուն տակ տարհանման մասին, որ պարտադիր է։  Կը կարծեմ, որ ատիկա ընտանիքի իւրաքանչիւր չափահաս անդամի պարտականութիւնն է: Տոնեցքի մարզին մէջ 52000 երեխայ կայ, անոնք պէտք է տարհանել, անոնք չեն կրնար մահացու վտանգի ենթարկուիլ ձմրան առանց ջերմութեան, լոյսի, եւ առանց ջեռուցման հնարաւորութեան»,- անոր խօսքը մեջբերած է ՈՒՆԻԱՆ ։

Վարչապետը աւելցուցած է, որ «եթէ քաղաքացին հրաժարի պարտադիր տարհանումէ, ուրեմն պէտք է ստորագրէ, որ կը հասկնայ եւ տեղեակ է բոլոր հետեւանքներու մասին եւ անձամբ պատասխանատու է իր կեանքի համար»։