Լոս Անճելըսի մէջ բռնկած անտառային հրդեհները հասած են նաեւ հայաշատ քաղաքներ եւ շրջաններ։
«Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին ըսած է լոսանճելըսաբնակ լրագրող Լիլիթ Ասլանեանը։
Անոր խօսքով՝ օդերեւութաբանները նախորդ օրուընէ կը նախազգուշացնէին զօրաւոր քամիներու մասին, եւ Լոս Անճելըսի քանի մը շրջաններու մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով հազարաւոր բնակիչներ արդէն տարհանուած են։
«Ամենախոշոր հրդեհներն ու տարհանումներն իրականացուած են Փալիսեյթս շրջանին մէջ՝ Մալիպուէն դէպի հիւսիս։ Այնտեղ արագ տարածուող անտառային հրդեհն այրած է աւելի քան 1200 հեքթար տարածք, մօտ 30 հազար մարդ 10 հազարէն աւելի բնակելի տուներէն արդէն տարհանած են։ Հրդեհը ոչնչացուցած է քանի մը կառոյցներ»,- նշած է զրուցակիցը
Կրակն արագօրէն կը տարածուի զօրաւոր քամիներու պատճառով, որ յատկապէս բնորոշ է ովկիանոսամերձ հատուածներուն։ Անոր խօսքով՝ քամիի արագութիւնն ու ուժգնութիւնն այդ հատուածին մէջ մինչեւ 100 մղոն/ժամի կը հասնի։
Լիլիթ Ասլանեանը ընդգծած է, որ հրդեհներ են նաեւ շարք մը այլ հայաշատ թաղամասերու մէջ, ինչպէս, օրինակ, Կլենտէյլէն ոչ հեռու գտնուող Փասատենայի եւ Ալթատենայի մէջ, ուր շատ լիբանանահայեր կ՚ապրին։ Կրակը տարածուած է արդէն մօտ 200 հեքթար տարածքի մէջ, բնակիչներ տարհանուած են։ Ասլանեանի խօսքով՝ տարհանումը կը շարունակուի։
«Սիլմարի մէջ եւս հրդեհ է, ուր եւս վերջին շրջանին շատ հայեր կը բնակին։ Այն Կլենտէյլէմ մօտ 20-25 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ է, այստեղ եւս մօտ 50 տարածքի բուսականութիւնն այրած է, բնակչութիւնը կը տարհանեն»,- նշած է Ասլանեանը։
Լոս Անճելըսի որոշ շրջաններ զրկուած են ելեկտրականութենէ եւ համացանցի կապէ։
Օդերեւութաբանները կը կանխատեսեն, որ քամին պիտի շարունակուի մինչեւ վաղը։
Լիլիթ Ասլանեանը տեղեկացուցած է՝ արդէն յայտարարուած է՝ դպրոցները վաղը փակ պիտի ըլլան։