Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հաստատումէն ետք առաջին անգամ կրցած է ծայրայեղ վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներու տարհանում իրականացնել։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրէյեսուսը։
«Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրադադարի մեկնարկէն ի վեր առաջին անգամ Կազայի հատուածէն ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող 41 հիւանդի եւ 145 ուղեկցող անձի բժշկական տարհանում իրականացուցած է», - գրած է Կեպրէյեսուսը։
Ան յայտնած է, որ մօտ 15,000 հիւանդ դեռ կը սպասէ Կազայի հատուածէն դուրս բժշկական օգնութիւն ստանալու հաստատման։
«Մենք կը շարունակենք կոչ ընել երկիրներուն իրենց համերաշութիւնը ցուցաբերելու եւ բանալու բոլոր ճանապարհները բժշկական տարհանումներն արագցնելու համար»,- գրած է ան։