Այո, Ռուսիոյ հարցեր ունինք, կը սպասենք պատասխաններու, բայց, այնուամենայնիւ, մենք պէտք է մտածենք՝ կ՚ուզենք Ռուսիան մեզի թշնամի ըլլայ, թէ՝ դաշնակից: Այս մասին «Կեդրոն» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը՝ խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին:
«Ի հարկէ, Ռուսաստանը մեզ պէտք է դաշնակից լինի, որ մենք կարողանանք մեր դաշնակցական կապերը աւելի ամրապնդենք, զարգացնենք եւ դրանից յետոյ մենք պէտք է ներկայացնենք մեր խնդիրը, պրոբլեմը, հարցը, մեր սպասելիքը, որ մեր դաշնակից պետութիւնը մեր կողքին պէտք է լինի, որ մեր խնդիրները, մեր ծրագրերը, մեր սպասելիքները մենք իրականացնենք: Մենք պէտք է շատ լաւ յարաբերութիւններ ունենանք եւ Ռուսաստանի հետ, եւ Արեւմուտքի հետ:
Մէկը միւսի հաշուոյն մենք չպիտի վատացնենք, մենք սաղ աշխարհի հետ իրաւունք չունենք թշնամի դառնալու: Կարող ենք ճիշդ քաղաքականութիւն վարել եւ լինել կամուրջ, հիմնական հարցը սա պէտք է լինի: Երբ մենք ամրագրենք մեր յարբերութիւնները Ռուսաստանի հետ որպէս գործընկեր, այդ ժամանակ լաւ կը լինի եւ Հայստանի համար, եւ Ռուսաստանի համար»,-ըսած է Ծառուկեանը:
Ան նշած է, որ որեւէ քայլ պէտք է կատարել հաշուի առնելով մեր պետութեան զարգացումը, շահերը: