Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» օրաթերթէն վերահասու կը դառնանք, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայազգի մը գաւառապետ նշանակուած է։
Մեր հայրենակիցը կը կոչուի Պերք Աճառ, իսկ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին «Ժամանակ»ի ներկայացուցած լրատւութիւնը.
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը առաջին անգամ գաւառապետ նշանակուեցաւ։ Հանրապետական շրջանին կտրուածքով այս մէկը աննախընթաց կարգադրութիւն մըն է։ Այդ պաշտօնին կոչուած է մեր համայնքէն Պերք Աճառ։
1995 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած է Պերք Աճառ, որ աւարտած է Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը եւ «Ըշըք» լիսէն։ Աւարտած է «Պիլկի» համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինը։ Ան մասնակցած է 110-րդ շրջանի քննութիւններուն՝ գաւառապետ դառնալու համար։ Անցեալ տարուան յուլիսին Անգարայի մէջ յաջողութեամբ դուրս եկած էր գրաւորէն։ Աւելի վերջ բերանացի քննութենէն ալ յաջողութեամբ դուրս եկած էր։
Այս բոլորի հիման վրայ 27-ամեայ Պերք Աճառ գաւառապետ նշանակուեցաւ Տենիզլի քաղաքի Պապատաղ գաւառակին համար։
Այս նշանակումը լայն արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Պերք Աճառը եւ իրեն յաջողութիւն կը մաղթենք ծառայութեան ճանապարհին։