Ֆրանսայի ռազմաօդային ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ժերոմ Պելլանժէրը իր անկեղծ ցաւակցութիւնները յայտնած է զոհուած զինուորականներուն ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն։
Անդրանիկ Սարգիսեան ունեցած է 2,200 թռիչքային ժամ եւ մասնակցած՝ 55 մարտական թռիչքներու Աֆղանիստանի, Մալիի, Նիճերի, Սուտանի եւ Չատի մէջ։
Վեր. Զօհրապ Սարգիսեան. «Տէ՛ր, կը հայցենք Քու մխիթարութիւնդ եւ զօրութիւնդ՝ Սարգիսեան ամբողջ ընտանիքին համար»
Նոյն առումով, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներէն Վեր. Զօհրապ Սարգիսեան իր զարմիկին՝ Ֆրանսական ռազմաօդային ուժերու գնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեանի մահուան առիթով յուզիչ գրառում մը կատարած է՝ խնդրելով Աստուծմէ մխիթարել եւ զօրացնել սգաւոր ընտանիքը։
Վեր. Սարգիսեան կը գրէ՝
«Ֆրանսական ռազմաօդային ուժերու գնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեանը, 44 տարեկան, զոհուած է Հիւսիս-Արեւելեան Ֆրանսայի մէջ Mirage 2000D կործանիչ օդանաւի մը վթարին հետեւանքով։ Անոր հետ զոհուած է նաեւ օդաչու՝ Քվենտին Քլիզը։ Դէպքին պատճառներուն վերաբերեալ քննութիւնը կը շարունակուի։
Անդրանիկ զոհուած է գիշերային թռիչքի վարժանքի մը ընթացքին։ Ան կը գրէ, որ հանգուցեալը երկու զաւակ կը ձգէ՝ 12 տարեկան տղայ մը եւ 14 տարեկան դուստր մը։»
Նշենք, որ Ֆրանսայի ռազմաօդային ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ժերոմ Պելլանժէրը իր անկեղծ ցաւակցութիւնները յայտնած է զոհուած զինուորականներուն ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն։
Անդրանիկ Սարգիսեան ունեցած է 2,200 թռիչքային ժամ եւ մասնակցած՝ 55 մարտական թռիչքներու Աֆղանիստանի, Մալիի, Նիկերի, Սուտանի եւ Չատի մէջ։