image

Թուրքիոյ մէջ աննախադէպ գնաճ գրանցուած է

Թուրքիոյ մէջ աննախադէպ գնաճ գրանցուած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ  Էրտողան յոյսով է, որ երկրի Կեդրոնական դրամատունը մինչեւ տարեվերջ միանիշ թիւի կ'իջեցնէ տոկոսադրոյքը:

Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը անցեալ շաբաթ որոշում կայացուցած էր մինչեւ 12 տոկոս նուազեցնել հաշուարկային տոկոսադրոյքը:

«Յոյսով եմ, որ յաջորդ նիստին քիչ մը եւս կը նուազեցնենք։ Մենք պէտք է մինչեւ տարուայ վերջ միանիշ ցուցանիշի հասցնենք տոկոսադրոյքը»,-ՌԻԱ Նովոստիի հաղորդմամբ՝ ըսած է թուրք առաջնորդը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ։

Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը ընթացիկ տարուան անփոփոխ պահած է տոկոսադրոյքը 14% մակարդակի վրայ, իսկ լիրան աստիճանաբար թուլացած է. եթէ յունուարի վերջին սակարանական փոխարժէքը կազմած է մօտ 13,5 լիրա մէկ տոլարի դիմաց, փետրուարի վերջը արդէն 14 լիրա, իսկ այժմ գերազանցած է 18,5 լիրան: Տարեկան կտրուածքով գնաճը, երկրի վիճակագրութեան հիմնարկի տուեալներով, օգոստոսին բարձրացած է մինչեւ 80,21 տոկոս: