Հակամարտութեան դադրեցման շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խորհրդակցութիւններուն մէջ գրանցուած է որոշակի առաջընթաց: Այս մասին յայտարարած է փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։
«Մենք շարք մը լաւ խորհրդակցութիւններ ունեցած ենք իրանական կողմի հետ։ Ես մօտ մէկ ժամ առաջ այս հարցը քննարկած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ: Մենք, անկասկած, հասած ենք որոշակի առաջընթացի։ Տեսնենք, արդեօք կը յաջողինք հասնիլ աւելիին», - ըսած է ան լրագրողներուն Ուաշինկթընի մօտակայքը գտնուող Էնտրիւս ռազմակայանին մէջ։
«Ե՛ւ նախագահը, ե՛ւ ես բաւականին լաւատեսօրէն կը նայինք բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորման հեռանկարներուն։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ», - ընդգծած է Վենս։
Միեւնոյն ժամանակ Վենս նշած է, որ իրանական կողմը միշտ փոքր ինչ անկանխատեսելի է։ Ան յստակացուցած է, որ Թրամփ չի բացառեր ապագային Իրանին հարուածներ հասցնելու վերսկսման, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ այլ միջոցներ ձեռնարկելու հնարաւորութիւնը։
Թրամփ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ մտադիր չէ անմիջապէս վերսկսիլ մարտական գործողութիւնները Իրանի դէմ Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւններէն յետոյ, որոնք տեղի պիտի ունենան 3 նոյեմբերին։ Ան վստահութիւն յայտնած էր, որ Իրանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կրնան հասնիլ համաձայնութեան, որ թոյլ կու տայ իրենց աւարտելու հակամարտութիւնը։