«Թուրքիոյ հնարաւոր ռազմական ներխուժում Սինճար, որ Իրաքի հիւսիսը գտնուող վիճարկուող տարածաշրջան է, ընդդէմ Քուրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան, կը տապալի եւ կը վնասէ տարածաշրջանային կայունութիւնը», յայտարարած է վերլուծաբան՝ Նուսայպա Եունիս Միջազգային յարաբերութիւններու Եւրոպական խորհուրդի կայքը հրապարակուած յօդուածով:
Եունիս իր յօդուածին մէջ նշած է, որ նման ներխուժում չի պսակուիր Սինճար նահանգէն Քուրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութիւնը դուրս մղելով:
Ըստ վերլուծաբանին՝ Քուրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութիւնը մեծցուցած է իր ներկայութիւնը Սինճարի մէջ, թրքական սահմանէն շուրջ 80 քմ հարաւ-արեւելք: Այդ խումբը կը շարունակէ պահպանել իր ազդեցութիւնը տարածաշրջանէն ներս, Սինճարի դիմադրութեան ջոկատներու՝ առաւելապէս եզիտիական աշխարհազօրի միջոցով:
«Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան 2018-ին մեղադրած էր Քուրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութիւնը Սինճարի մէջ «երկրորդ Քանտիլ» ստեղծելու փորձի մէջ՝ նկատի ունենալով Իրաքի հիւսիսի Քանտիլի լեռներու կայանը, ուր կը գտնուի Քուրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան կեդրոնակայանը»,- նշուած է յօդուածով:
Եւրոպական երկիրները պէտք է յստակ յայտարարեն իրենց անհամաձայնութիւնը որեւէ թրքական ներխուժման մասին եւ նախազգուշացնեն անոր հաւանական վտանգաւոր հետեւանքներու մասին, ըսած է Եունիս:
Վերլուծաբանի խօսքով՝ Թուրքիան դժուար կը հասնի Քուրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարին մէջ յաջողութիւններու, ան բախում պիտի ունենայ «այս շրջանին մէջ գործող, Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինուած խմբաւորումներու» զգալի դիմադրութեան հետ: