image

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են փոխգործակցութեան հարցեր

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են փոխգործակցութեան հարցեր

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանովը եւ Հուլուսի Աքարը հետեւած են 2 երկիրներու բանակներու ինքնաշխատացուած կառավարման համակարգերու համատեղ աշխատանքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութիւնը:

«Կը շարունակուին կապի զօրքերու համատեղ մարտավարական-յատուկ զօրավարժութիւնները՝ ատրպէյճանցի եւ թուրք զինծառայողներու մասնակցութեամբ: Պաշտպանութեան նախարար զօրավար-գնդապետ Զաքիր Հասանովը, որ առաքելութեան տարածք ժամանած էր 7 ապրիլին՝ զօրավարժութիւններու հերթական փուլին հետեւելու համար, այցելած է դաշտային հրամանատարական կէտեր, հետաքրքրուած է զօրավարժութիւններու կազմակերպչական եւ ընթացիկ հարցերով: Պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուած է մեր ստորաբաժանումներու զինանոցին մէջ առկայ ամենաժամանակակից մարտավարական եւ ռազմավարական հաղորդակցման սարքաւորումները», - կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախարարին զեկուցուած է, որ զօրավարժութիւններու ընթացքին յաջողութեամբ կ'իրականացուին կապի միասնական համակարգի կազմակերպման խնդիրները:

Հասանովը կապուած է ռազմաօդային ուժերու, ռազմածովային ուժերու, հրետանային ուժերու եւ յատուկ նշանակութեան ջոկատներու հրամանատարական կէտերու հետ, ինչպէս նաեւ ստուգած է կապի կայունութիւնն ու անխափանելիութիւնը:

Այնուհետեւ զօրավարժութիւններու ընթացքին տեղակայուած հրամանատարական կէտին վրայ տեղի ունեցած է Զաքիր Հասանովի եւ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի ուղիղ տեսակապի միջոցով հանդիպումը: «Տեսակապի ընթացքին նախարարները կարեւորած են կապի զօրքերու փոխազդեցութեան բարելաւումը, կապի միասնական համակարգերու կազմակերպումը եւ զօրքերու միջեւ ինքնաշխատացուած կառավաումը, ինչպէս նաեւ այս ոլորտին մէջ համատեղ գործողութիւններու շարունակումը: Պաշտպանութեան նախարարները բարձր գնահատած են նաեւ ատրպէյճանական եւ թրքական բանակներու բոլոր տեսակի զօրքերու փոխգործակցութեան բարելաւումը, համատեղ ծրագիրներու մշակումը, ստորաբաժանումներու միջեւ մարտական փոխազդեցութեան աճը եւ այլ գործողութիւններ», -ըսուած է տեղեկատուութեան մէջ:

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կապի զօրքերու համատեղ զօրավարժութիւնները սկսած են 6 ապրիլին եւ պիտի աւարտին 8 ապրիլին: