Մենք պատրաստ ենք գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու Շուշիի մէջ, երբ Ատրպէյճանը փափաքի. նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:
«Եւ հիւպատոսութեան բացումը յստակ ուղերձ պիտի ըլլայ ողջ աշխարհին, յատկապէս Հայաստանին»,-ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը։
«Մենք վճռական ենք բոլոր ոլորտներու մէջ զարգացնել մեր յարաբերութիւնները, որոնք Շուշիի հռչակագրի ստորագրմամբ դուրս եկած են դաշնակցային մակարդակի», -ըսած է Էրտողան։
Յիշեցնենք, որ Էրտողան վերընտրուելէն ետք առաջին անգամ այցելած է Ատրպէյճան, ուր բանակցած է այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: