image

Թուրքիան պատրաստ է միջնորդելու

Թուրքիան պատրաստ է միջնորդելու

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Անգարայի՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ միջնորդի դեր ստանձնելու պատրաստակամութեան մասին:

«Նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Անոնք անդրադարձած են հացահատիկային միջանցքի շուրջ զարգացումներուն, Թուրքիոյ կողմէ Ուքրանիոյ տրամադրուող մարդասիրական եւ ուժանիւթային աջակցութեան», -այս մասին  յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը:

Էրտողանի խօսքով՝ Անգարան նաեւ կրնայ դիւանագիտական ներդրում ունենալ Զապորոժիէի աթոմակայանին մէջ իրականացուող գործընթացի արագացման գործին մէջ: