Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին հետ։
«Վարչապետը ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահին եւ ժողովրդին՝ երկրի հարաւարեւելեան շրջաններում տեղի ունեցած հուժկու երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերի կապակցութեամբ»: Նիկոլ Փաշինեան շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է բոլոր վիրաւորներուն եւ յաւելած , որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն թռիչքի կը պատրաստուի Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարարական ուժերը աղէտի գօտի տեղափոխող ինքնաթիռը:
Իր կարգին Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ՀՀ վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնած է զօրակցութեան համար եւ նշած, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի աջակցութիւնը՝ կարեւորելով այդ քայլը նաեւ երկու երկիրներու միջեւ հետագայ երկխօսութեան խորացման տեսանկիւնէն», - այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն։