Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի մինչեւ 17 տարեկաններու հաւաքականը ժամանած է Պաքու՝ մասնակցելու աշխարհի առաջնութեան:
Այս մասին կը տեղեկացէ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերացիան։
Առաջնութիւնը պիտի կայանայ յուլիս 27-էն օգոստոս 2-ը։
Ազատ ոճի մէջ ՀՀ-ն պիտի ներկայացնէ 6, յունահռոմէական ոճի մէջ՝ 10 ըմբիշ։