Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին արձագանգած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւի՝ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը սառեցնելու առաջարկին՝ նշելով, որ «Քիեւի ներկայիս դիրքորոշումը նկատի առնելով՝ հակամարտութեան սառեցումը անկարելի է»։
Միեւնոյն ժամանակ, Փեսքով յայտարարած է, որ ռազմական գործողութիւնները կրնան դադրիլ մինչեւ օրուան աւարտը, եթէ Քիեւը «ընդունի համապատասխան որոշումները»։