image

Թուրքիա. Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարքի այցը Վաքըֆ գիւղ. Տեղի ունեցած է աղօրհնէքի արարողութիւն

  Թուրքիա. Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարքի այցը Վաքըֆ գիւղ. Տեղի ունեցած է աղօրհնէքի արարողութիւն

 Թուրքիոյ Հայոց Ամեն. Սահակ Բ. Պատրիարք օրերս այցելութիւն տուած է երկրի միակ հայկական Վաքըֆ գիւղը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Պատրիարքութեան դիմատետրի էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Օգոստոս 2025, Շաբաթ միջօրէին այցելեց Անթաքիա: Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեան, Հաթայի Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները՝ Եուսուֆ Թապաշ եւ Ճէմ Չափար, ինչպէս նաեւ Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու։

Մեր Հոգեւոր Պետը քաղաքի մէջ շրջեցաւ Հաթայի մեծ երկրաշարժին վնաս կրած, փլած վայրերը, վերակառուցման աշխատանքը եւ նորակառոյց շէնքերը:

Յետ միջօրէին Նորին Ամենապատուութիւնը ուխտաւորաբար այցելեց Ս. Պետրոսի քարայր-աղօթատեղին: Այստեղ էր, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներ առաջին անգամ կոչուեցան «Քրիստոնեայ»: Մեր Հոգեւոր Պետը այստեղ իր ուխտի աղօթքը վերառաքեց: Ապա վերադարձաւ Վաքըֆգիւղ:

 

ԱՂՕՐՀՆԷՔ

Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի աւանդական մատաղօրհնութեան եւ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ կատարուած հանդիսաւոր աղօրհնէքին։

Արարողութեան մասնակցեցան Արժ. Տ. Զաքար Ա. Քհնյ. Քոփարեան, Հաթայի Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Բրշ. Սարվէն Սրկ. Պչաքճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու։

Նախ կատարուեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն ու ապա կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ Եկեղեցւոյ բակը, ուր կատարուեցաւ Աղօրհնէքի կարգը։ Այս աղը պիտի խառնուի եփուելիք աւանդական եօթը կաթսայ հարիսային, որոնց կրակները պիտի վառուին ուշ գիշեր։

Արարողութիւնները վերջ գտան Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։