Երկուշաբթի, 3 Օգոստոս 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ, Լոս Անճելըսի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի աւագերէց հոգեւորականներէն՝ հոգելոյս Տ. Սիփան Աւագ Քահանայ Մխսեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արժանապատիւ Տէր Յարութիւն Քահանայ Թաշճեանը։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասի անդամները, ներկայ գտնուեցան Երէցկին Սիլվա Մխսեանը, որդին Վազգէնը, հարազատները եւ մտերիմերը, որոնք համախմբուած էին աղօթքով եւ երախտագիտութեամբ վերջին հրաժեշտը տալու երկարամեայ եւ նուիրեալ հովիւին։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան կարգին համաձայն, կատարուեցաւ քահանայական վերջին օծման արարողութիւնը։ Սուրբ Խորանին առջեւ, աղօթական խոր մթնոլորտի մէջ, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը Սուրբ Միւռոնով կատարեց հոգելոյս Տէր Հօր վերջին օծումը՝ աղօթելով, որ Ամենաբարին Աստուած Իր հաւատարիմ սպասաւորը ընդունի Իր երկնային արքայութեան մէջ եւ արժանացնէ արդարներու յաւիտենական հանգիստին։ Ապա հոգեւորականաց դասը եւ ներկաները վերջին հրաժեշտը տուին հանգուցեալ քահանայ հօր՝ երախտագիտութեամբ յիշելով անոր բազմամեայ հովուական եւ եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։
Արարողութեան ընթացքին Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը արտասանեց իր դամբանականը՝ հիմնուած Տիրոջ կենարար խօսքին վրայ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը. ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտ եւ մեռնի, պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11.25)։ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ հոգելոյս Տէր Սիփան Աւագ Քահանայ Մխսեանի ամբողջ կեանքին եւ եկեղեցանուէր ծառայութեան՝ յիշեցնելով, որ ան ծնած էր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, իր հոգեւոր կրթութիւնը ստացած էր Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ եւ ամբողջ կեանքը նուիրած էր աղօթքի, ուսման եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ աւելի քան կէս դար Տէր Սիփանը ծառայեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ՝ որպէս հովիւ, ուսուցիչ, խմբագիր, դիւանապետ եւ վարչական պատասխանատու։ Ան իր խոնարհութեամբ, անձնուրացութեամբ եւ հաւատարմութեամբ մնայուն հետք ձգեց Արեւմտեան Թեմի պատմութեան մէջ՝ երբեք չփնտռելով փառք, այլ միայն հաւատարիմ մնալով իր քահանայական կոչումին եւ իրեն վստահուած առաքելութեան։ Սրբազանը յիշեց նաեւ, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, գնահատելով անոր երկարամեայ ծառայութիւնը, 2003 թուականին զինք արժանացուց Աւագ Քահանայութեան պատուոյ աստիճանին։
Դամբանականին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազանը յատկապէս շեշտեց, որ Տէր Սիփան Աւագ Քահանայ Մխսեանը կը պատկանէր այն սերունդին, որ ամբողջ սրտով, հոգիով եւ կեանքով սիրեց Սուրբ Եկեղեցին։ Անոր քարոզները, գրիչը, վարչական իմաստութիւնը եւ հովուական ծառայութիւնը մնայուն ժառանգութիւն դարձան Արեւմտեան Թեմի կեանքին մէջ։ Սրբազանը, մէջբերելով Քրիստոսի խօսքը՝ «Եթէ մէկը Ինծի ծառայէ, թող Ինծի հետեւի. եւ ուր Ես եմ, հոն ալ պիտի ըլլայ Իմ ծառաս։ Եթէ մէկը Ինծի ծառայէ, Հայրս պիտի պատուէ զայն» (Յովհաննէս 12.26), ընդգծեց, որ հոգելոյս Տէր Հօր ամբողջ կեանքը հաւատարիմ պատասխան մը եղաւ Տիրոջ այս աստուածային հրաւէրին։ Անոր վաստակը, հաւատքի վկայութիւնը եւ ծառայութեան օրինակը պիտի շարունակեն ապրիլ մեր յիշողութեան մէջ եւ ներշնչել գալիք սերունդները։
Դամբանականին աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտագին ցաւակցութիւնները յայտնեց Երէցկին Սիլվային, հարազատներուն եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասին՝ աղօթելով, որ Ամենաբարին Աստուած Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութեամբ զօրացնէ բոլոր սգակիրները, խաղաղեցնէ անոնց վշտացած սրտերը եւ խաղաղութիւնը պարգեւէ բոլորին։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք հոգելոյս Տ. Սիփան Աւագ Քահանայ Մխսեանի մարմինը փոխադրուեցաւ գերեզմանատուն, ուր հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ թաղման կարգը։ Վերջին աղօթքներէն եւ օրհնութիւններէն ետք, ներկաները վերջին հրաժեշտը տուին երկարամեայ հովիւին՝ երախտագիտութեամբ յիշելով անոր Աստուածանուէր կեանքն ու բազմաբեղուն ծառայութիւնը եւ աղօթելով, որ Տէրը զինք դասէ արդարներու օթեւաններուն մէջ։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
4 Օգոստոս, 2026