Օրերս Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւար տօնին առթիւ տեղի ունեցած «Յիշատակ Մեռելոց»ի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Թորոնթո քաղաքի Եորք գերեզմանատան մէջ։
Ստորեւ ատոր մասին «Արեւելք»ի քաղած տեղեկատւութիւնը։
Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս, 2025-ին առաւօտուն, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ Յիշատակ Մեռելոցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, բացօթեայ Եորք Գերեզմանատան մէջ: Պատարագը մատուցեց Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ Շխրտմեան, Հոգեւոր Տեսուչ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ: Ս. սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Սարկաւագներ: Ներկայ էին աւելի քան 50 հաւատացեալներ: Աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ս. Պատարագէն ետք, Գերապատիւ Հայր սուրբ կատարեց գերեզմանօրհնէք իւրաքանչիւր շիրիմի վրայ: Նշենք որ՝ գերեզմանօրհնէք կատարուեցաւ նաեւ «Elgin Mills» եւ «Pickering» գերեզմանատուններու մէջ: