image

Թող հրաժարին Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցէն. Թուրք գործիչ

Թող հրաժարին Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցէն. Թուրք գործիչ

Թուրքիոյ «Ճշմարիտ ուղի» կուսակցութեան նախագահ Չեթին Օզաչըքկէօզը հայ–թրքական յարաբերութիւններուն հետ կապուած յայտարարութեամբ հանդէս եկած է:

Թրքական Anadolugazete–ի փոխանցմամբ` «Ճշմարիտ ուղի» կուսակցութեան Չեթին Օզաչըքկէօզը նշած է, թէ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստութեան մէջ է:

Ան պնդած է, թէ առանց Հայաստանի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելը Թուրքիոյ հայրենասիրութեան դէմ է, եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է սա լաւ քննարկէ: