Աւետիք Չալաբեանին մեղադրանք առաջադրուած է իբրեւ թէ ընտրողներու ընտրական իրաւունքը խոչընդոտելու նախապատրաստութեան համար (մի խումբ անձանց կողմէ նախնական համաձայնութեամբ եւ իշխանական լիազօրութիւններու օգտագործմամբ): Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Փաստաբան Վարազդատ Յարութիւնեանը:
Աւետիք Չալաբեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չէ ընդունած` որակելով այն «ծայրէն ծայր» սուտ:
«Գործի «փաստական հանգամանքներուն» չենք կարող անդրադառնալ` նկատի ունենալով նախաքննական գաղտնիքի ռեժիմը, սակայն ապագայում առիթ կ՚ունենանք անդրադառնալու դրանց զաւեշտալի ու յօրինուած բնոյթին:
Այս պահին Աւետիք Չալաբեանը գտնւում է «Կեդրոնի» դատարանում, որտեղ քննուելու է նրան կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Միջնորդութիւնը քննող դատաւորի եւ ժամի մասին կը յայտնենք իմանալուն պէս»,- գրած է Յարութիւնեանը: