Օրերս Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցած է Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն եւ անոր կիսանդրիի քօղազերծման արարողութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի հրապարակած տեղեկութենէն։
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, կիրակի, 21 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ, Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-ամեակին առիթով եւ «Խոնարհ ընկեր ու ղեկավար» խորագիրով տեղի ունեցաւ նահատակ ընկերոջ կիսանդրիի քողազերծում եւ յիշատակի հանդիսութիւն:
Խօսք առին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէէն Շահան Փանոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան:
Ձեռնարկին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային: