Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն իր յաղթելու հաւանականութիւնը «մօտ 100%» են։ Այս մասին 13 օգոստոսին յայտնած է The Times-ը։
Թրամփ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ներկայիս հանրապետական թեկնածուներէն ոչ մէկը իրեն մրցակից կը համարէ։
Թրամփ ծաղրած է հանրապետականներու կողմէ առաջադրման համար իր ամենահաւանական մրցակց՝ Ռոն Տեսանթիսը, որ, ըստ հարցումներու, առաջատար է։
Շաբաթ օր ելոյթ ունենալով Այոուա նահանգին մէջ, Թրամփ ըսած է. «Ան շատ վատ հանդէս կու գայ ընտրութիւններուն. շատ, շատ վատ: Եւ ես կը կարծեմ, որ ան շուտով կը լքէ մրցավազքը»:
Աւելի ուշ Թրամփ նշած է, որ ունի «մօտ 100 տոկոս» հնարաւորութիւն՝ յաղթելու նախագահ Ճօ Պայտընին համապետական ընտրութիւններուն:
Աւելի վաղ՝ 5 օգոստոսին, Թրամփ վստահութիւն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայիս նախագահ Ճօ Պայտընն ու անոր շրջապատը կ'ընեն հնարաւոր ամէն ինչ՝ իշխանութիւնը պահպանելու համար։