image

Թիֆլիսի մէջ. Վերելակի անսարքութեան պատճառով երկու հայ ամուսիններ մահացած են

Թիֆլիսի մէջ. Վերելակի անսարքութեան պատճառով երկու հայ ամուսիններ մահացած են

Թիֆլիսիի Վազիսուպանի բնակելի շէնքին մէջ ողբերգական դէպքի հետեւանքով մահացած տղմարդու եւ կնոջ մարմիններ յանձնուած են Սամխարաուլիի դատաբժշկական փորձաքննութեան գրասենեակ։ Մահացածները 4-ամեայ երեխայ ունէին, գրած է վրացական Resonance Daily-ն:

Դէպքը տեղի ունեցած է նախօրէին։ Արմէն Սարկիսովը ինկած է վերելակի հորան մէջ, իսկ կինը փորձած է օգնել անոր, երբ վերելակը շարժած է. երկուքն ալ մահացած են։

Դէպքի առթիւ հետաքննութիւն սկսած է անվտանգութեան եւ շահագործման կանոնները խախտելու յօդուածով, դէպքի տեղը աշխատած են ոստիկանութիւնն ու դատաբժշկական փորձագէտները։

Տեղի բնակիչները ըսած են, որ վերելակի վերաբերեալ խնդիրը վաղուց եղած է, եւ իրենք բազմիցս խնդրած են վարչութենէն լուծել խնդիրը, սակայն ապարդիւն։

Իսնինսկի շրջանի նահանգապետի խօսքով՝ ոչ վարչակազմը, ոչ ալ քաղաքապետարանը նման կոչ ստացած են բնակչութեան կողմէ։