image

ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն

ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի Առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի եւ փոխատենապետ Ատիս Մուրատեանի, այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Թարէք Մնէյմանի հետ՝ քննարկելով հայ համայնքի կեանքն ու լիբանանեան դեսպանատան գործունէութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Լիբանանեան Դեսպանատուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համաատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեանին եւ Ազգային Վարչութեան Փոխ Ատենապետ՝ Պրն. Ատիս Մուրատեանին, Հինգշաբթի 22 Հոկտեմբեր 2026-ին կէսօրին, այցելեցին Լիբանանի դեսպանատունը եւ հանդիպում ունեցան դեսպան՝ Պրն. Թարէք Մնէյմանյի հետ: 

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան հայրը Պրն. դեսպանին փոխանցեց իր ջերմ շնորհաւորութիւնները Լիբանանի դեսպանատան ձեռքբերումներուն եւ անոր ունեցած դերակատարութեան Էմիրութիւններէն ներս երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուց հայ համայնքի վերջին զարգացումները եւ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը, յայտնելով որ վերջին շրջանին աւելի բարօր ընթացք ունի տարածաշրջանէն ներս հաստատուած հայ համայնքը:

Պրն. դեսպանը ինք եւս ողջունեց Սրբազան հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց դեսպանատան եւ դիւանակազմին ունեցած յաջողութիւնները: Ան իր զօրակցութիւն անգամ մը եւս յայտնեց հայ համայնքին եւ Ազգային Առաջնորդարանին: Այս առիթով Պրն. դեսպանը յատուկ հրաւէր ուղղեց Սրբազան հօր ներկայ գտնուելու Նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին տեղի ունենալիք Լիբանանի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած հանդիսութեան:

Աւարտին Սրբազան հայրը Պրն. դեսպանին յանուն Ազգային Վարչութեան հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Նոյեմբեր 15 Տուպայի մէջ կատարուելիք տարեկան պարահանդէսին:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի