image

Փեզեշքիան յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը կը փորձեն ներքին պառակտումներ սերմանել Իրանի մէջ

Փեզեշքիան յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը կը փորձեն ներքին պառակտումներ սերմանել Իրանի մէջ

Իրանի թշնամիները՝ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը, հասկցած են, որ չեն կրնար պատերազմով կամ ռազմական գործողութիւններով ծունկի բերել իրանցի ժողովուրդը, ուստի կը փորձեն վնաս հասցնել երկրին՝ հրահրելով եւ սրելով ներքին պառակտումները։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան՝ խոշոր քաղաքներու եւ նահանգային կեդրոններու քաղաքապետներուն հետ հանդիպման ընթացքին։

Այս մասին կը հաղորդէ IRNA գործակալութիւնը։

Փեզեշքիան աւելցուցած է, որ հասարակութեան մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարակութեան բոլոր խաւերու եւ տարբեր խմբաւորումներու համագործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունին սպառնալիքները յաղթահարելու եւ խնդիրները լուծելու համար։

Շեշտելով ժողովուրդի միջեւ միասնութիւնը, համերաշխութիւնը եւ համախմբուածութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ հասարակութեան բոլոր խաւերը եւ տարբեր խմբաւորումները պէտք է ներգրաւուած ըլլան երկրի գործերու կառավարման մէջ։

«Եթէ որեւէ խմբաւորում կը կարծէ, որ միայն ինք կը տիրապետէ ամբողջ իմաստութեան եւ որոշումներ կայացնելու բացառիկ իրաւասութեան, ապա ակամայ կը տկարացնէ ազգը»,– ըսած է ան։