Աֆղանիստանի մէջ կառավարող «Թալեպան» շարժման Ելեւմուտի նախարարութիւնը յայտարարած է Իրանէն 350 հազար թոն նաւթ գնելու պայմանաւորուածութեան մասին: Այս մասին յայտնած է «Ինթերֆաքս»-ը՝ վկայակոչելով Aamaj News-ի յայտարարութիւնը:
Նախարարութեան հրապարակած տեղեկագրով ըսուած է, որ Թեհրանի մէջ իրանական կողմին հետ բանակցութիւններուն մասնակցած են նաւթակազային պետական ընկերութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան, Առեւտուրի նախարարութեան, կեդրոնական դրամատան եւ նորմերու եւ չափանիշներու վարչութեան անդամները։
Այս ուղեւորութեան ընթացքին իրանական բաժնետիրական ընկերութեան հետ 350 հազար թոն նաւթ գնելու պայմանագիր կնքուած է, եւ առաջիկայ օրերուն պիտի սկսի անոր ներմուծման գործընթացը Աֆղանստան, ըսուած է զեկոյցով։
Բացի այդ, այս ուղեւորութեան ընթացքին թալէպներու պատուիրակութիւնը Իրանի պաշտօնեաներուն հետ քննարկած է նաւթամթերքի գնման, որակի, գնի եւ տարանցման, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը։