Աֆղանիստանի ոստիկանութեան նախկին աշխատակցուհի Պանու Նեկարը «Թալեպան» արմատական շարժման կողմէ գնդակահարուած է ամուսնոյն եւ երեխաներուն աչքի առջեւ. կինը ութ ամսական յղի էր, գրած է BBC-ն՝ յղում ընելով ականատեսներու:
Դէպքը տեղի ունեցած է Ղոր նահանգի մէջ՝ կնոջ ընտանեկան տան մօտ: Աղբիւրը նկատած է, որ սպանութիւնը կատարուած է Աֆղանիստանի մէջ կանանց նկատմամբ ճնշումներու աճի մասին լուրերու ֆոնին:
Թալեպները BBC-ին յայտնած են, որ իրենք կապ չունին Նեկարի մահուան հետ եւ կը հետաքննեն միջադէպը:
Սակայն BBC-ին երեք աղբիւր յայտնած է, որ շաբաթ օր թալեպները ծեծած եւ գնդակահարած են Նեկարը ամուսնոյն եւ երեխաներուն աչքին առջեւ: Երեք զինուած մարդ ժամանած է տուն եւ խուզարկած այն, ապա կապկպած ընտանիքի անդամները: